2015-02-21 10:40:26

Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի մէկ հաղորդագրութիւնը` 24 ժամ Տիրոջ համար (13-14 Մարտ)։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Չանտեսենք շատերու աղօթքի զօրութիւնը, 24 ժամ Տիրոջ համար նախաձեռնութիւնը, որուն կը բաղձամ համայն Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը, նոյնիսկ թեմական գետնի վրայ, յառաջիկայ 13-24 Մարտին, ընդգծելու կարեւորութիւնը աղօթքին'', կը կարդանք ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 2015-ի քառասնորդացի պատգամին մէջ։
''Աստուած ողորմութեամբ հարուստ է'', Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը ի տես 2014-ի նախաձեռնութեան յաջողութեան այս տարի եւս կ’ առաջարկէ ''աղօթքի 24 ժամ'' կազմակերպել Տիրոջ համար, 13-14 Մարտին որպէս թեմա ունենալով ‘’Աստուած ողորմութեամբ հարուստ է’’։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի նախագահէ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւնը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, կեդրոնանալով խոստովանանքի խորհուրդի վրայ, որպէս առանցքն ու ճանապարհը նոր աւետարանութեան։
Սրբազան Հայրը անձամբ կը հրաւիրէ բոլոր թեմերը մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան, բաց պահելով եկեղեցիները` 13-14 Մարտին, հաւատացեալներու առիթ տալու համար խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու ու ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւն կատարելու, օրը կարելի է եզրափակել ս. Պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.